Tuesday 30 May 2023

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ի գիտութիւն կը հաղորդենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ 2017ի Մեծ Պահոց շրջանի (26 Փետրուարէն, 9 Ապրիլ) Արեւագալի եւ Հսկումի արարողութիւնները ՆԷՈՍ ԳՈԶՄՈՍ (ՖԻՔՍ)Ի Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ եկեղեցիէն ներս տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ժամանակացոյցով.-

— Չորեքշաբթի, Արեւագալ՝ առաւօտեան ժամը 10:00ին:
— Ուրբաթ, Հսկում՝ երեկոյեան ժամը 6:00ին:
Արարողութեանց աւարտին՝ «Լուսաշող» հոգեւոր լսարան, կատարողութեամբ հոգեւոր հովիւ՝                                                Տ. ՆԱՐԵԿ ՔԱՀԱՆԱՅ ՇԱՀԻՆԵԱՆի:

ԳԱՐԷԱ — (ԳԱՐԷԱՅԻ ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ՍՐԱՀ)
— Չորեքշաբթի, Հսկում՝ երեկոյեան ժամը 5:30ին:
Արարողութեանց աւարտին՝ հոգեւոր լսարան, կատարողութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. ՆԱՐԵԿ ՔԱՀԱՆԱՅ ՇԱՀԻՆԵԱՆի:

Սիրով կը հրաւիրուի մեր ժողովուրդը մասնակից դառնալու Մեծ Պահոց շրջանի հոգեթով արարողութիւններուն:

ԱՏՏԻԿԷԻ ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՔ