Tuesday 19 March 2024

image

The Church

ՖԻՔՍԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

1920 - 1922ական թուականներուն, Կիլիկիոյ պարպումէն եւ Իզմիրի աղէտէն փրկուածհայութեան բեկորներէն զանգուած մը կ’ապստանի Յունաստան։ Ասոնցմէ մաս մը կայք կը հաստատեն Աթէնքի կեդրոնէն հազիւ քանի մը քիլոմեթր հեռու գտնուող «Ֆիքս» գարեջուրի գործարանի կողքին տարածուն եւ այդ ժամանակներուն ամայի դաշտավայրին վրայ, որոնք հակառակ եղած արգելքներուն, սկիզբը վրաններու տակ եւ ապա կամաց - կամաց վրաններու ներքամասերը աղիւսապատելով ու ապա թիթեղածածկելով, ամայի դաշտավայրը մօտ 10 հազար եւ աւելի գաղթականներէ բաղկացած, եկեղեցիներով, դպրոցներով եւ ազգային միութենական եռուն գործունէութեամբ հայկական մեծ գաղթակայանի մը կը վերածեն։ Եւ որպէսզի նորակազմ գաղթակայանի բնակիչները իրենց համար թղթատարական հասցէ մը ունենան, գաղթակայանը Ֆ‎իքս գարեջրագործատան կիցը ըլլալուն՝ շրջանի «Ֆիքս» անունկը կու տան։ Այսպիսով հոն գործող մեր դպրոցները, եկեղեցիները եւ զանազան միութիւնները ինքնաբերաբար «Ֆիքս» անունը կը ստանան։

«Ֆիքս»ը կը կոչուէր նաեւ «Տուրղութի». անուն մը, որ կարծէք թրքական տիրապետութեան ժամանակներէ Տուրղութ Փաշայի անունէն յառաջ եկած ըլլար. իսկ գաղթող ատանիցի թրքախօս հայերն ալ անոր կու տային «Տոմուզ Տամը» անունը, որ խոզերու բուծարան - բնակարան կը նշանակէր, այն իմաստով՝ որ հոն հայերու գաղթէն առաջ խոզեր կ’արածէին։

Ֆիքսի Հայկական գաղթակայանի աղիւսապատ եւ թիթեղածածկ եկեղեցի - դպրոցը, որու հիմնադրութեան մասին ճշգրիտ ու յստակ տեղեկութիւններ կարելի չեղաւ ունենալ, ունէր մեծկակ սրահի մը երեւոյթը։ «Սրահ»ը կը գործածուէր իբրեւ աղօթավայր եւ իրար անցած տախտակէ բաժանմունքներով կը վերածուէր նաեւ դպրոցական դասարաններու։

Կիրակիներու, Զատկուան տօնի, Արեւագալներու, առաւօտեան ժամերգութիւններուն ընթացքին, աշակերտութիւնը եւ տախտակէ բաժանմունքները դուրս բերելով, դպրոցը եկեղեցի կ’ըլլար եւ փոխադարձաբար։

Եկեղեցւոյ խորանի աջին, կար թաղականութեան գրասենեակը եւ քահանայ հօր սենեակը, որուն յառաջամասին կը գտնուէր փայտէ աշտարակաձեւ զանգակատունը։ Քահանա հօր սենեակի շարունակութեան կային մանկապարտեզի բաժնի ծիլ, բողբոջ, կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններու առանձին մասերը եւ մանկապարտեզի ու նախակրթարանի աշակերտութեան զբըսանքի յատուկ բաւականաչափ ընդարձակ բակ մը, որ սակայն երբ անձրեւէր, օրեր շարունակ լճակի մը երեւոյթը կ’առնէր։

Բակէն ներս եւ մանկապարտեզի բաժիններուն կից կար նաեւ հայ արիներու հաւաքատեղին։ Դպրոցը իր նոյն աշակերտութեամբ կը գործէր առաւօտեան եւ յետմիջորեայ պահերով։ Նախակրդարանի բոլոր դասարանները իրար միջեւ բաժանմունքներ չունենալուն, դասաւանդութեան պահերուն իրար չխանգարելու համար յաճախ երբ օդը լաւ ըլլար, դասարաններէն մէկուն աշակերտութիւնը բակ կ’ելլէր ու շրջանակ մը կազմելով ոտքի վրայ կ’ընէր իր դասը։

Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցի - դպրոցի այս ընթացքը պայմաններու բերումով շարունակուեցաւ մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի սկիզբը՝ գերմանացիներու կողմէ Յունաստանի գրաւումը, այսինքն՝ 1940 անօթութեան տառապալի օրերը։

Տիրող այս կացութեան մէջ դպրոցը բաց պահել կարելի չըլլալուն, ժամանակ մը փակ մնաց ու ապա վերաբացուելով փոխադրուեցաւ գաղթակայանէն ներս գտնուող Հայ Կաթողիկէ հաստատութեան շէնքէն ներս։ Իսկ եկեղեցին մինչեւ 1969 գործելէ ետք, թաղամասի քանդումի եւ շինարարական փոփոխումներուն հետեւանքով դադրեցաւ գործելէ ու անցաւ պատմութեան։ Յունական եկեղեցական օրէնքով, եկեղեցին հաւանաբար կարելի ըլլար պահել, եթէ անոր արտօնագիրը ոչ թէ դպրոցի, այլ եկեղեցիի համար առնուած ըլլար։

Յամենայն դէպս, ինչպէս ըսինք, շրջանի բարեփոխումներու հետեւանքով թաղամասի հայութիւնը ամբողջ 13 տարիներ զրկուած մնաց հայ եկեղեցիէ։

Հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններուն, Ազգային Վարչութեան թափած յարատեւ ջանքերուն եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի ընձեռած օժանդակութեան շնորհիւ, այլեւ Թաղային Խորհուրդի եւ եկեղեցաշինութեան յանձնախումբի հետեւողական ջանքերուն, ինչպէս նաեւ թաղամասի հայութեան եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած կորովին, տիրող յուսալքումները միանգամընդմիշտ փարատեցան ու իրականութիւն դարցաւ նոր եկեղեցւոյ մը շինութիւնը։

Նէոս Գոզմոսի Սուրբ Կարապետ Նորաշէն Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան պատմական կարճ ակնարկ մը

Նէոս Գոզմոսի Հայոց Առաքելական Ս. Կարապետ նորաշէն եկեղեցւոյ հիմնարկութիւնը տեղի ունեցած է 2 Յունուար  1981ին, իսկ հիմնաքարերու օրհնութիւնը եւ օծումը՝ 22 Փետրուար 1981ին,  ձեռամբ Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ լուսահոգի Տ. Սահակ Ս. Արք. Այվազեանի։

Եկեղեցւոյ շինութիւնը տեւած է երկու տարի եւ Նաւակատիքն ու օծումը տեղի ունեցած է յաջորդական երեք օրերու ընթացքին, 14-16 Յունուար 1983ին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը ձեռամբ լուսահոգի Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Տ. Սահակ Ս. Արք. Այվազեանի, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Փանոսեանի եւ նորակերտ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ.եղարդ քհնյ. Պապողլեանի եւ ներկայութեամբ բոլոր շրջաններու հոգեւոր հովիւներուն, յոյն պետական, կարավարական, ինչպէս նաեւ Ազգային Միութենական եւ հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու, եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի յոյն ներկայացուցիչ Պրն. Փափանտոնիուի։

Եկեղեցւոյ մուտքին մայր դրան ձախին զետեղուած է մարմարէ ցուցատախտակ մը որուն վրայ գրուած է.- ԿԱՌՈՒՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՐԲ. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵԿԻ Ի ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ Տ.Տ. ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ԱԹՈՌԱԿԻՑ ՆՈՐԻՆ Տ.Տ. ԳԱՐԵԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՅԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ, Ի ԹՈՒԻՆ ՀԱՅՈՑ ՌՆԼԲխ 1983։

Եկեղեցւոյս այժմու հոգեւոր հովիւն է Արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։

 

ՆՈՐԱՇԷՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Եկեղեցին կառուցուեցաւ արդիական ոճով եւ ամէն յարմարութիւններով։ Հիմնադրութիւնը կատարուեցաւ 2 Յունուար 1981ին, ձեռամբ թեմիս բարեջան Առաջնորդ երաշնորհ Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս Այվազեանի, իսկ հիմնաքարելու օրհնութիւնը կատարուեցաւ Կիրակի 22 Փետրուար 1981ին, կրկին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ, հոգեւորական դասի եւ հրաւիրեալ պաշտօնական անձնաւորութեանց ներկայութեամբ, որոնց կարգին տնտեսական փոխ նախարար Պրն. Կ. Փափարիղոփուլու, երեսփոխան Պրն. Ա. Քրիքոս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Պրն. Խ. Պեխլիվանիտիս, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայացուցիչ Պրն. Փափանտոնիու, հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու, այլեւ բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութեանց ու կազմակերպութեանց եւ թաղականութեանց ներկայացուցիչներու եւ խուռներամ բազմութեան մը։

 Համաձայն հայ եկեղեցւոյ կանոններուն, եկեղեցւոյ 16 սիւները հաւատացեալներու կնքահայրութեամբ՝ 12 Առաքեալներու եւ չորս Աւետարանիչներու անունները ստացած հոգեպարար շարականներու երգեցողութեան ընդմէջէն։

 Ս. Սեղանի վիմաքարի կնքահայրութիւնը յանձն առած էր Ազգային Վարչութիւնը, որ կը ներկայացնէր իր ատենապետ Պրն. Ներսէս Յակոբեանը։ Առաջին բաժնի սիւներունը Պրն. Նազարէթ Թէրզիպաշեան, Ֆիքսի Հ. Կ. Խաչի վարչութեան ներկայացուցիչ Պրն. Կարօ Աւագեան եւ Պարոններ՝ Կարպիս Սէրեան, Գայիոս Հովարտեան եւ Կարապետ Գազէլեան։ Իսկ միջին բաժնի սիւներունը՝ Թեսաղոնիկէի Թաղային Խորհուրդը զոր կը ներկայացնէր իր ատենապետ Պրն Օննիկ Գասպարեանը, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Պրն. Խ. Պեխլիվանիտիս, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայացուցիչ Պրն. Փափանտոնիու եւ Գոքինիոյ Թաղային Խորհուրդը որը կը ներկայացնէր Պրն. Պերճ Գրիգորեանը։