Tuesday 19 March 2024

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԻՕՐԵԱՅ ՊՏՈՅՏ

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԻՕՐԵԱՅ ՊՏՈՅՏ

Նէոս Գոզմոս (Ֆիքս)ի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմինը, Համբարձման Տօնին առիթով պտոյտ մը կը կազմակերպէ, դէպի «Էլէոնաս Էղիօ»ի (Ελαιώνας-Αίγιο) ծովափը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի՝ 25 Մայիս 2017ին:
Մասնակցողները առիթ պիտի ունենան նախ այցելելու շրջանի Ս. Աստուածածնայ (Παναγία Τρυπητή) վանքը ապա վայելելու հրաշալի եւ մաքուր ծովափը:
Մասնակցութեան երթեւեկի  սակ՝ 15 եւրօ, իսկ նախակրթարանի տարիքի պատանիներուն համար՝  8 եւրօ:
Մեկնում՝ առաւօտեան ժամը ճիշդ 7:30ին, «Intercontinental» պանդոկին առջեւէն:
Արձանագրութեան համար հեռաձայնել՝ տիկ. Արշալոյս Տրդատեան-Նաքուին՝ հեռ. 2109416584  եւ  6942214251 թիւերուն:

Ուշադրութիւն
Պատանիներու մասնակցութիւնը կարելի չէ առանց ծնողքի կամ պատասխանատուի ընկերակցութեան:

Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄՍՐՄԻՆ