Thursday 18 April 2024

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ 2014-ի Ճրագալոյցի եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներու արարողութիւնները Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուին հետեւեալ ժամանակացուցակով.-

Կիրակի 5 Յունուար 2014-ին՝ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ
Առաւօտեան Ժամերգութիւն՝ ժամը 9:30-էն - 10:30։
Երեկոյեան Ժամերգութիւն եւ Մարգարէութեանց ընթերցումներ՝ ժամը 6:00-ին:
Ճրագալոյցի Ս.Պատարագ ՝ ժամը 7:00-ին:
Աւետում՝ ժամը 8:30-ին:    

Երկուշաբթի 6 Յունուար 2014-ին՝  Ս. ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ՝  ժամը 9:30-ին:
Ջրօրհնէք՝ ժամը 11:00-ին:
 
Երեքշաբթի 7 Յունուար 2014-ին՝  ՄԵՌԵԼՈՑ
Ս. Պատարագ՝ ժամը 9:30-ին:
Հոգեհանգիստ եւ հոգեյիշում՝ ժամը 10:30-ին եւ ապա հոգեսուրճ:
 
Շաբաթ 11 Յունուար 2014-ին
Ս. Ծննդեան  պատարագ Գարէայի մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

ԳԵՐԵԶՄԱՆՕՐՀՆԷՔ

Ս. Ծննդեան տօնի Մեռելոցի օրուան առիթով, շրջանիս հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան ներկայ պիտի գտնուի գերեզմանատուները հետեւեալ ժամանակացոյցով.-
Երեքշաբթի, 7 Յունուար 2014-ին ներկայ պիտի գտնուի կէսօրէ ետք ժամը 3-ին ՆԷԱԶՄԻՌՆԻԻ, ժամը 3:45-ին Փ. ՖԱԼԻՐՈՅԻ եւ ժամը 4:30-ին ԳԱԼԻԹԷԱՅԻ գերեզմանատուները:
Չորեքշաբթի 8 Յունուար 2014-ին ներկայ պիտի գտնուի առաւօտեան ժամը 11ին ՊՐԱԽԱՄԻԻ (Այ. Տիմիթրիու), ժամը 11:30-ին ԱՆՕՏԱՖՆԻԻ եւ կէսօրէ ետք ժամը 3-ին ՎԻՐՈՆԱՅԻ գերեզմանատուները։
Ծանօթ: Տէր Հօր ծուխին պատկանող մնացեալ գերեզմանատուներու այցելութիւնը պիտի ըլլայ ժամադրութեամբ, Տէր Հօր հեռաձայնելով հետեւեա լթիւին (0030)6974431561

ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ