Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքսի) Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Թաղային Խորհուրդն ու Տիկնանց Մարմինը սիրով եւ ուրախութեամբ կը հրաւիրեն ձեզ Չորեքշաբթի 1 Յունուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, միասնաբար մեր սրբազան հայրերու աղօթքներով եւ հաւատքով, Նոր Տարուան առաջին Ս. Պատարագին մասնակցելու եւ ապա աւանդական Տարեմուտի Գաթան կտրելու եկեղեցւոյս ներքնասրահին մէջ:
Պիտի պատարագէ ե ւքարոզէ, շրջանիս Հոգեւոր Հովիւ՝
Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ
Եկէ՛ք բոլորս միասին բարի մաղթանքներով, սիրոյ ու ջերմ տրամադրութիւններով դիմաւորենք Նոր Տարին:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ