Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Դեկտեմբերի 25-ը կը յատկանշուի Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագ եւ նախավկայ մարտիրոս, Քրիստոսի քաջ նահատակ՝ՍուրբՍտեփանոսի տօնակարութեամբ։
Այս առթիւ, Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքսի) Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, Չորեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2013-ին, պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէեւ քարոզէ, շրջանիս Հոգեւոր Հովիւ՝
Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ
Պիտի յաջորդէ եկեղեցւոյս ծառայող սարկաւագներու, ուրարակիրներու, դպիր-դպրուհիներու եւ դպրաց դասի անդամ անդամուհիներուն պատիւ աւանդական հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյս ներքնասրահին մէջ, պատրաստուած եկեղեցասէր Տիկնանց Մարմնոյ կողմէ:
ՍԿԻԶԲ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ՝ ԱՌԱՒՕՏԵԱՆԺԱՄԸ 10.00-ԻՆ:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ հայորդիները ներկայ ըլլալու կենարար սուրբ պատարագին եւ ներշնչուելու Ս. Ստեփանոսի վկայութեամբ:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՐԴ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ